2013-08-06 09:49:07

Ճաբոնի Մէջ ''Խաղաղութեան Համար 10 Օր'' Ծրագիր` Ի Յիշատակ Միջուկային Ռմբակոծումներու Զոհերուն։


Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի, 1945-ի 6 եւ 9 օգոստոսի, միջուկային ռմբակոծումներու զոհերը յիշատակելու նպատակով օգոստոս 6 - 15 Ճաբոնի եպիսկոպոսները նախաձեռնած են ''Խաղաղութեան Համար 10 Օր'' վերտառութեամբ Ծրագիր մը։

Յայտնենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը 1981-ին Նակազաքիին մէջ կոչ մը ուղղած էր աշխարհի խաղաղութեան համար, խնդրելով կառավարիչներէն, եւ աշխարհի բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոցմէ ու յատկապէս երիտասարդներէն որ վճռակամ որոշում առնեն որպէսզի ''պատերազմը հանդուրժելի չ՛ըլլայ եւ չգործածուի որպէս միջոց լուծելու անհամաձայնութիւնները'' ու ապա յանձնառու ըլլան ''միասնաբար ստեղծելու եղբայրակցութեան ու զօրակցութեան նոր ապագայ մը։''

Ի յիշատակ այդ կոչին Ճաբոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ամէն տարի երկրի հաւատացեալներէն եւ ուխտաւորներէն կը խնդրէ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։ Ընդգծելու ենք նաեւ որ երանելի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի 1963-ի ''խաղաղութիւն աշխարհի վրայ'' շրջաբերական թուղթի 50-րդ տարեդարձին առթիւ Ճաբոնի եպիսկոպոսները` Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի զոհերուն նուիրուած տասը օրերուն ընթացքին որոշում առին վերյիշել նաեւ վերոյիշեալ շրջաբերականը։
''Խաղաղութիւն աշխարհի վրայ'' շրջաբերական թուղթին մէջ պարունակուած են անհատի պարտականութեան եւ իրաւունքի, պետական իշխանութեան եւ հասարակաց բարիքի մասին ուսուցումներ` ուղղուած քրիստոնեաներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց` ինչպէս նաեւ մատուցուած են միջազգային գետնի վրայ շահագրգռող նիւթեր ` ինչպէս. ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, զօրակցութիւնը, գաղթականներու հարցը, ապազինումը ու տնտեսական զարգացումը։
Ճաբոնի եպիսկոպոսները այս առթիւ հրատարակած իրենց նամանկին մէջ կը գրեն ''խաղաղութեան հիմքը կը կազմեն մարդու իրաւուքներն ու անոր արժանաւորութիւնը եւ թէ խաղաղութիւնը կարելի է իրագործել միայն երբ մարդու զարգացումը կը դիմէ աւելի մարդկային ընկերութիւն մը կերտելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.